2014-12-11 12:02:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը` Երիտասարդութեան Հովուական խնամակալութեան Եւրոպական Դ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռ.Վ.11 դեկտեմբեր 2014) 11 -13 դեկտեմբեր 2014, աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համագործակցութեամբ, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ` Երիտասարդութեան Հովուական խնամակալութեան Եւրոպական Դ խորհրդաժողովը որուն բնաբանն է ''Երիտասարդ եկեղեցի մը, վկայ` Աւետարանի ուրախութեան։ Միասին Եւրոպայի ճամբաներու վրայ'', եւ որ պիտի քննարկէ` երիտասարդներուն հայող հովուական խնամակալութեան նոր ուղեցոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին ''Աւետարանի Ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրի լոյսին տակ։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Սթանիզլաւ Րիլքոյին որուն մէջ հրաւիրեց ժողովականները նկատի առնելու թէ ''Յիսուս մեզի կ՛ընկերակցի'' ու խնդրեց որ Էմմաւուսի աշակերտներուն նման բանայ մեր աչքերը որպէսզի զինք ճանչնանք ու ''անոր մէջ գտնենք այս պատմութեան դժուար ընթացքին իմաստը''։
Դուք որ կը զբաղիք երիտասարդներու հովուական խնամակալութեամբ, թանկարժէք ծառայութիւն կը մատուցէք եկեղեցւոյ – գրեց Ֆրանչիսոս Պապը - մատնանշելով թէ երիտասարդները կարիքը ունին այս ծառայութեան. չափահասներու որ անոնց ուղեւորութեան կ՛ընկերակցին, օգնելով զանոնք գտնելու Քրիստոսի տանող ճանապարհը։
Աւելի քան ձեռնարկներու կազմակերպութիւնը այս հովուական խնամակալութիւնը կը կայանայ անոնց հետ միասին քալելու մէջ, անոնց ընկերակցելով կեանքի դժուար եւ բարդ հարցերու ընթացքին։
Երիտասարդական հովութիւնը կանչուած է քաղելու ժամանակակից երիտասարդներուն հարցադրանքները ու ասկէ մեկնելով, մեր Տէր Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութեան միջոցաւ, երկխօսութիւն մը հաստատելու անոնց հետ ու Քրիստոսը տանելու իրենց կեանքէն ներս։
''Ի հարկ է գործը շատ է ու ձեզմէ կը խնդրեմ որ չի յոգնիք Աւետարանը հռչակելու խօսքով եւ գործով որովհետեւ Եւրոպան այսօր կարիքը ունի այս վկայութեան։ Ասոր համար ձեզ կը քաջալերեմ Եւրոպացի երիտասարդներուն իրողութեան նայելու Քրիստոսի աչքերով. Ան մեզի կը սորվեցնէ տեսնել ոչ միայն մարտահրաւէրներն ու հարցերը այլեւ սիրոյ եւ յոյսի սերմերը որ ցանուած են այս ցամաքամասին մէջ եւ որ Եկեղեցիին շնորհեց մեծաթիւ սուրբեր, որոնցմէ շատերը երիտասարդներ էին։ Մեր պարտականութիւնն է սերմանել մինչ Աստուած ինքն է որ այս սերմերը կը հասունցնէ - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւէր ուղղեց ''երիտասարդներուն օգնել ըմբռնելու թէ հաւատքը դէմ չէ տրամաբանութեան ու զանոնք առաջնորդել դառնալու աւետարանութեան ուրախ դերակատարներ իրենց հասակակիցներուն համար։
Պատգամին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց այս տարուայ յատուկ նիւթ եղող` Ընտանիքին եւ Նուիրեալ կեանքին, ընդգծելով թէ երիտասարդներու հովութիւնը կանչուած է երիտասարդներուն առաջարկելու կոչումի մասնագիտական խորաթափանցում, որպէս պատրաստութիւն հետեւելու Յիսուսին` ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի ճանապարհին վրայ եւ կամ Աստուծոյ արքայութեան ծառայութեան յատուկ նուիրումով։
Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի այս օրերուն ձեր աշխատանքը տայ իր արժանի պտուղները ըլլայ ձեր հովուական ծառայութեան համար եւ ըլլայ ձեր սրբութեան ճանապարհին` որովհետեւ սրբութիւնն է որ Եկեղեցին կ՛աճեցնէ եւ կը բանայ սրտերը ընկալելու համար Աւետարանը։ Եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրելով բոլորէն որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.